Աստ կու գանք յստակացնելու, որ մեր կազմակերպութեան կողմէ, ոեւէ հայ հետազօտողի կամ գիտաշխատողի հասցէին, ոչ մէկ սպառնական կամ արհամարհական յայտարարութիւն հրապարակուած է:
Ընդդիմախօսութիւնն ու բազմակարծութիւնը` ազատ արտայայտուելու իրաւունքի նկատմամբ յարգաքն ու անոր պաշտպանութիւնը կը նկատենք բոլորիս, այդ շարքին նաև մեր կազմակերպութեան սկզբունքային պարտականութիւնը` անկախ արտայայտուած տեսակէտի բովանդակութենէ:
Հայ հասարակութիւնը անտեղի լարուածութիւններէ հեռու պահելու մտահոգութենէ մեկնած, բոլոր հետազօտող հայորդիներուն կը յորդորենք, գիտաշխատողին և հետազօտողին վայել կեցուացքով, խուսափին անհիմն և անճիշտ վերագրումներէ և զրպարտութիւններէ, ըլլան աւելի առարկայական և շրջահայեաց:
Կոչ կ’ուղղենք նաև Հայ նորագոյն ազգային ազատագրական պայքարի մէջ ներդրողներուն` մեր բոլոր համակիրներուն, որ իրենց դրսեւորումերուն մէջ ըլլան աւելի զուսպ, համոզուած մնալով, որ մեր պայքարի բուն հզօրութիւնը, մեր ժողովուրդի դատի իրաւացիութենէն և արդարացիութենէն է պայմանաւորուած:
Զէնքով կարելի է պատերազմել, իսկ յաղթել կարելի է միայն բարոյականութեամբ:
Վերջնական յաղթանակը հայ ժողովրդինն է:
04-08-2011
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՅ ԳԱՂՏՆԻ ԲԱՆԱԿ
Комментариев нет:
Отправить комментарий